エピソード

  • Պէյրութէն մտածելով հայկական աշխարհը
    2026/06/10

    Այս յայտագրին հիւրն է Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան։ Ան կը ներկայացնէ իր գիտահետազօտական գործունէութիւնը, սփիւռքագիտութեան եւ արդի հայկական աշխարհին վերաբերող ուսումնասիրութիւնները։ Զրուցակիցները նաեւ կ'անդրադառնան Հայկազեան համալսարանի ինքնութեան, անոր առանձնայատուկ տեղին Լիբանանի եւ համահայկական իրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ համալսարանին ունեցած մտաւոր եւ մշակութային առաքելութեան։ Զրոյցը կ'արծարծէ նաեւ հայագիտութեան ապագային առնչուած հիմնական մարտահրաւէրները՝ գիտական նոր մօտեցումներու, փոխանցման եւ երիտասարդ սերունդներուն ներգրաւման լոյսին տակ։


    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    21 分
  • Խաչիկ Թէօլէօլեան. Սփիւռքի տեսաբանը արդի ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներուն առջեւ
    2026/05/11
    Հայ սփիւռքի ամէնէն նշանաւոր տեսաբաններէն մէկը՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան կը ներկայացնէ իր կեանքի ճանապարհը եւ կը բաժնէ իր վերլուծութիւնները հայ անդրազգի ներկայ վիճակին մասին։ Այս զրոյցին մէջ ան կ՚անդրադառնայ արդի ժամանակաշրջանի ամէնէն հրատապ հարցերուն՝ Արցախի կորուստէն մինչեւ պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններուն։ Այս հազուագիւտ առիթ մըն է լսելու այն սփիւռքագէտին, որ քառասուն տարիներէ աւելի նուիրած է սփիւռքի ուսումնասիրութեան։

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    52 分
  • Հայագիտութիւնը Ժամանակակիցութեան Դիմաց
    2026/04/08


    Անահիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս 1991 թուականէն ի վեր ԻՆԱԼՔՕ համալսարանի հայագիտական բաժինի պատասխանատու է։ Իբրեւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ լեզուաբան` ան իր կեանքը նուիրած է սփիւռքի մէջ վտանգուած այս լեզուին պահպանութեան եւ փոխանցման։

    Հիմնադրած է Հայագիտական Միջազգային Մագիստրոսի ծրագիրը (IMAS) եւ ստեղծած է արդի գործիքներ՝ բառարաններ, քերականական ուղեցոյցներ, թուային տուեալներու հարթակներ։

    Համալսարանի հայագիտական բաժինը վերածած է արեւմտահայերէնի ապաստարանի՝ ապացուցելով, որ տարածք չունեցող լեզու մը կրնայ ապրիլ գիտութեան եւ կրթական հաստատութիւններու միջոցով։

    Մագիստրոսի ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել այս կայքէջը.

    https://www.inalco.fr/formations/master-international-en-etudes-armeniennes-distance

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    48 分
  • Եկեղեցի եւ իշխանութիւն՝ Հրաչ Չիլինկիրեանի վերլուծութեամբ
    2026/04/04
    Հասարակագէտ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասնագէտ Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ խոր զրոյց մը՝ Եկեղեցւոյ վարչակարգին մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Արեւմուտքի աշխարհականացման ծիրէն ներս, ինչպէ՞ս կը վերափոխուի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ի՞նչ են Հայաստանի պետութեան եւ Մայր Սուրբ Աթոռ Էջմիածնի միջեւ եղած լարուածութիւններուն ազդեցութիւնները սփիւռքեան համայնքներուն վրայ։ Վերլուծութիւն մը՝ Հայ եկեղեցւոյ ներկային եւ ապագային մասին։

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    34 分
  • «MIASIN» հարթակը եւ թուային սփիւռքը
    2026/03/12
    Զրոյց Վարդան Գաբրիէլեանի հետ, համահայկական թուային «Miassin» հարթակի հիմնադիր։

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    44 分
  • Հայագիտութիւնը երէկ եւ այսօր
    2026/02/27
    Հայագէտ Զաւէն Եկաւեան 28 տարի շարունակ ղեկավարած է Լիսաբոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը։ Անոր փորձառութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ ունեցած սերտ կապերով, ինչպէս նաեւ իր անձնական ապրումները, զինք կը դարձնեն հայագիտութեան պատմութեան էական վկայ։ Անոր հետ միասին կը վերարժեւորենք պատմութեան ամբողջ մը էջեր՝ աւելի լաւ ըմբռնելու համար այս գիտակարգին առնչուող անցեալ եւ արդի մարտահրաւէրները։

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    53 分
  • Արժանթինահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը
    2026/02/22
    Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանթինահայ մտաւորական եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է։ Ան կը բաժնէ իր վերլուծութիւնը արժանթինահայ համայնքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, նկատի առնելով, որ սփիւռքը կ՚ենթարկուի արագ փոփոխութիւններու։

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    35 分
  • ի՞նչ կը նշանակէ այսօր «Արցախի հարց» ը՝
    2026/02/10
    Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքը, բայց արդեօ՞ք իր քաղաքական գոյութիւնը եւ իր հարցը փակուած են։ Զրոյց Յովհաննէս Գէորգեանի հետ, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ

    Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

    続きを読む 一部表示
    43 分